2012-12-26 10:08:27

Իմ Առաքելութիւնս` Փողոցներու Մարդիկը Աւետարանելն է` Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեանի Խմբագրականը


Օր մը, մեծ յուզումով եւ ուրախութեամբ ընդունեցայ երիտասարդ մը, ֆրանսական եկեղեցւոյ մը մէջ, ուր ըստ սովորութեան, ամէն հինգշաբթի խոստովանարան կը նստիմ լսելու համար հաւատացեալներուն հոգեւոր ցաւերը : Այս երիտասարդը պատմեց ինծի թէ՝ իր ապրելակերպը փոխեց, թողլով իր տունը եւ ապրելով ճամբաներուն վրայ լքուած մարդոց հետ, իրենց աւետելու համար բարի աւետիսը եւ յայտնելու քրիստոնէական կեանքի գեղեցկութիւնը :
Ինծի ըսաւ. ,Սէրն է որ կը պակսի այս մարդոց. ասոր համար է որ ընտրեցի իրենց պէս հագուիլ եւ իրենց հետ քնանալ ճամբաներուն վրայ որպէսզի զիրենք մերձեցնեմ Աւետարանի լոյսին եւ քրիս-տոնէական կեանքի փարումինե :
Աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք ուր կը պակսի հաւատաքը Աւետարանելու : Ամե-նաբարին Աստուած մեզի պարգեւեց իր բարեկամութիւնը սուրբ խորհուրդներուն միջոցաւ : Փոխադարձաբար պարտինք աշխարհը աւետարանելու եւ Քրիստոսը վկայելու ինչպէս որ մեզմէ կը խնդրէ Վատիկանի Բ. Ժողովը : Հետաքրքրական է տեսնել թէ ինչպէս կը ներկայանայ այսօր աւետարանացումի հարցը քաղաքներուն մէջ, ուր բազմաթիւ մարդիկ յաճախ առանձին կ’ապրին. աւետարանումի առա-քելութիւնը Եկեղեցւոյ որոշ տեսանելիութիւն մը իրենց կ’ապահովէ :
Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահա-նայապետը՝ հաւատքի մասին խօսելով կ’ըսէ. ,Հաւատքը մեզի վերագտնել կու տայ Յիսուսի բարութիւնը որպէս անձնական խորունկ բարեկամութիւն մը, պարգեւ մը՝ զոր պէտք է մշակենք եւ որով աշխարհը կը բարեփոխուի՝ Յիսուսի աշակերտները բարեկամներ դարձնելով :
Ամէն հաւատացեալ, ուր ալ գտնուի, պէտք է վկայէ իր քրիստոնէական հա-ւատքը: Այս վկայութիւնը շատ կարեւոր է այն մարդոց համար որ շատ հեռու են Եկեղեցիէն : Աւետարանել՝ կը նշանակէ ծարաւը յագեցնել մեր ժամանակակից մարդոց, որ իրենց կեանքին իմաստը կը փնտռեն : Աւետարանելով կը դառնանք առաքեալներ այն երջանկութեան զոր Աստուած կ’ուզէ տալ բոլոր մարդոց : Յիսուսի օրինակելի Սէրն է որ պէտք է մեր մերձաւորներուն փոխանցենք :
Առաքեալներուն մեծ ուժը յառաջ կու գայ Յիսուսի սիրոյն վրայ իրենց ունեցած անխախտ յոյսէն : Հայրը մեզմէ կը խնդրէ որ ճանչնանք եւ ընդունինք Աստուծոյ Սէրը որ ներկայ է մարդկութեան պատմութեան մէջ : Հարկ չկայ որ փորձենք համոզել: աշխարհի կերպերը եւ հնարքները գործածելով, այլ պարզութեամբ սրտի մը՝ անձնատուր Սուրբ Հոգիին, որ կը խօսի եւ կը գործէ մեր միջոցաւ :
Սէրը ուշադիր կը դարձնէ Աստուծոյ խորհուրդին : Այն անձերուն սրտերուն մէջ, որոնց կ’ուզենք հասնիլ, կան ոչ միայն սպասումի քարեր այլ ներկայութիւնը Աստուծոյ Սիրոյն : Խօսքը կու գայ ձեւով մը փչելու մոխիրներուն վրայ : Պրկում մը գոյութիւն կայ արդէն եւ Աւետարանացումի խօսքը անոր կը համապատասխանէ :
Բոլոր ժամանակներու քարոզիչները կ’ամբարեն նախորդ ցանքերուն պտուղ-ները : Կեանքի խօսքը մեր մարդկութեան ակօսներուն մէջ թաղուեցաւ Յիսուսի մարդեղութեամբ :
Հունձքը քաղելու համար ամէն մարդ սիրով հրաւիրուած է. բոլորին կա-րողութիւնները՝ տկարներուն եւ զօրաւորներուն, օգտակար են : Թող նոյնը ըլլայ Աւետարանին քարոզութեան համար. թող ամէն մարդ ինքզինքը հրաւիրուած զգայ՝ խմելու բաժակէն անոր որ ինք միայն կարելիութիւնն ունի ծարաւը յագեցնելու երբոր անապատին ջերմութիւնը շատ ծանր է :








All the contents on this site are copyrighted ©.